Կարեւոր կէտեր
- Sharks are apex predators which play a crucial role in maintaining the balance of marine ecosystems.
- Following beach safety guidelines and swimming at patrolled beaches can minimise the risk of a shark incident.
- Encountering a shark in the water can be a frightening experience, but it's essential to remain calm and back away slowly.
Աւստրալիոյ հարուստ ծովային բնահամակարգը ապաստան կ'ուտայ բազմաթիւ շանաձուկի տեսակներու ինչպէս Մեծ Սպիտակ Շանաձուկը, Վագր Շանաձուկը, Մրճագլուխ Շանաձուկը, Ցուլ Շանաձուկը, և տարբեր ժայռագօտիներու շանաձուկեր:
Այս կենդանիները կենսական են պահպանելու համար ծովային առողջութիւնը և հաւասարակշռութիւնը, գործելով որպէս գլխաւոր գիշատիչներ և դիակերներ:
Շանաձուկի մասնագէտ մը, Dr. Paul Butcher, կը բացատրէ որ շանաձուկերու և անոնց վարքի վերաբերեալ աւելի լաւ տեղեակ ըլլալը, կը նուազեցնէ անոնց հետ հանդիպումի վտանգը:
«Շանաձուկեր ծովային սննդական շղթայի գագաթնակէտը կը գտնուին: Անոնք կը պահպանեն կեր ձուկերու քանակը, արգելք հանդիսանալով որոշ ծովային տեսակներու գերբնակչութեան և պահպանելով կենդանական տեսակներու այլազանութիւնը - անուղղակիօրէն ազդելով ողջ սնունդի ցանցին վրայ:”
Հասկնալ շանաձուկերու վարքը
Dr. Butcher Գլխաւոր Հետազօտող Գիտնականն է New South Wales Department of Primary Industries գերատեսչութեան: Անոր հետազօտութիւնը գիտական հիմ մը կը տրամադրէ NSW-ի ովկիանոսի ծովափերը այցելողներուն, նուազեցնելով շանաձուկերու հետ հանդիպումը:
Անհրաժեշտ է ճանչնալ շանաձուկերու կարեւորութիւնը մեր ովկիանոսներու և ընդհանուր միջավայրի առողջութեան պահպանութեան գործին մէջ: Հակառակ անոնց ահաբեկող տեսքին, շանաձուկեր իսկապէս հոյակապ կենդանիներ են և արժանի են մեր յարգանքին և պաշտպանութեան:Dr Paul Butcher

A shark seen from the Surf Life Saving aerial surveillance helicopter – Image: Surf Life Saving Australia.
«Շանաձուկեր ներկայ են NSW-ի ջուրերուն մէն ողջ տարին, Սպիտակ Շանաձուկեր ներկայ են ջուրի մակերեսի տարբեր ջերմաստիճաններուն և Ցուլ Շանաձուկեր ներկայ են երբ ջուրի ջերմաստիճանը 20 աստիճանէն վեր է: Սպիտակ Շանաձուկեր աւելի հաւանական է որ ներկայ ըլլան մեր ծովեզերքէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, օրուայ կէսին առտուայ ժամը 11-էն սկսեալ, մինչ ցուլ շանաձուկեր աւելի հաւանական է որ ներկայ ըլլան կէս օրուընէ մինչեւ գիշեր:”
Շանաձուկի արկած մը նուազեցնելու համար, Dr Butcher կ'ըսէ որ լողափի ապահովութեան կարեւոր ուղեցոյցներ կան, որոնց պէտք է հետեւիլ:
Միայն լողալ հսկուած լողափերը և մնալ դրօշակներուն միջեւ, որովհետեւ փրկարարներ այնտեղ կը գտնուին հսկելու ծովափը, ջուրի իրավիճակը և առաւելագոյնը ապահովելու ծովեզերք այցելողները: Փորձեցէք խուսափիլ առանձին surf ընելէ կամ երբ կան բազմաթիւ մանր ձուկեր և շուրջը կան սուզող թռչուններ:Dr Paul Butcher

Dr Paul Butcher – Image: New South Wales Department of Primary Industries.
Լողափի ապահովութիւն
Dr Jaz Lawes, բնապահպան մըն է և ծովափի ապահովութեան հետազօտող մը, որ կը ղեկավարէ Surf Life Saving Australia-ի հետազօտական խումբը, ան կը բացատրէ որ ծովափի ապահովութիւնը այլ առանձնայատկութիւններ եւս ունի:
Շանաձուկերու հետ չհանդիպելու լաւագոյն խորհուրդը այն է որ պէտք է խուսափիլ լողալէ մթնշաղէն ետք, գիշերը կամ արշալոյսէն առաջ: Մենք նաեւ խորհուրդ կ'ուտանք լողալ ընկերոջ մը հետ, այսինքն խուսափիլ առանցին լողալէ:Dr Jaz Lawes
Եթէ ովկիանոսի մէջն էք և շանաձուկ մը ձեզի կը մօտենայ, շատ կարեւոր է հանդարտ մնալը:
“Կացութենէն կախեալ, կրնաք հետեւիլ և պատասխանել շանաձուկի վարուելակերպին: Եթէ կը թուի թէ գրգռուած կամ ջղային վիճակի մէջ է, արագ և յանկարծական ցնցումներով շարժումներ կ'ընէ, կամ այլ արտառոց վերաբերմունք ցոյց կ'ուտայ, լքել ջուրը որչափ կարելի է շուտ և հնարաւոր չափով հանդարտութեամբ: Փորձեցէք նուազեցնել ջուրի ցայտումները, աղմուկը և չգրգռէք շանաձուկը:”
Dr Paul Butcher-ի համաձայն, անհրաժեշտ է յիշել որ շանաձուկերու յարձակումները համեմատաբար հազուադէպ են: Սակայն, խոհեմ է պատրաստ ըլլալ և գիտնալ թէ ինչպէս պէտք է պատասխանել:

Lifesavers on patrol at the beach – Image: Surf Life Saving Australia.
Կան նաեւ անձնական շանաձուկ զսպող սարքեր: Dr Butcher կ'ըսէ որ մինչ ասոնք 100 տոկոսով ազդեցիկ չեն, բայց կրնան նուազեցնել շանաձուկի մը հետ հանդիպումը:
Աւստրալիա բախտաւոր է որ ունի Surf Life Saving Australia փրկարարական ծառայութեան լայնածաւալ ազգային ցանցը, որոնք կը պաշտպանեն ծովեզերք այցելողները:
“Surf lifesaver և փրկակայաններու աշխատողներ, ծովափէն հեռադիտակներով կը հսկեն, անոնք կրնան օգտագործել նաեւ հսկողութեան այլ միջոցներ ինչպէս անօդաչու թռչող սարքեր և ուղղաթիռներ: Եթէ շանաձուկ մը տեսնեն, անմիջապէս ահազանգ կը հնչեցնեն կամ զանգակ կը զարնեն, կարմիր և սպիտակ դրօշակ կը պարզեն և կը հրահանգեն որ ամէն մարդ դուրս գայ ջուրէն:”

Impact ecologist and beach safety researcher Dr Jaz Lawes from Surf Life Saving Australia – Image: Surf Life Saving Australia.
Հետազօտութիւն և պահպանութիւն
Աւստրալիոյ նահանգային և հողամասերու կառավարութիւններ տարբեր ռազմավարութիւններ ունին նուազեցնելու համար շանաձուկերու դէպքերը, հսկողութեան ծրագիրներէ մինչեւ ցանցերու և տակառներու տեղադրում, անօդաչու թռչող սարքերու և ուղղաթիռներով օդային վերահսկողութիւն:
New South Wales-ի կառավարութեան շանաձուկերու պիտակաւորումի ծրագիրը կը նկատուի աշխարհի ամենամեծը: Dr Butcher կ'ըսէ որ շանաձուկերու պիտակաւորումը կը նշանակէ որ ծովափ այցելողներ իրական ժամանակով կրնան զգուշացումներ ստանալ եթէ պիտակաւորուած շանաձուկեր կան ջուրին մէջ:
“Շանաձուկեր, որոնք պիտակաւորուած են մեր կապալառուներուն կողմէ, ունին արտաքին ձայնային և ինքնութեան պիտակներ: Ձայնային պիտակաւորուած բոլոր շանաձուկերը հնարաւոր է յայտնաբերել NSW-ի ծովեզերեայ 37 իրական ժամանակով պիտակաւորուած շանաձուկերու ունկնդրումի կայաններու ցանցին վրայ:”
Եթէ շանաձուկ մը մօտենայ լսողութեան կայաններէն մէկէն մինչեւ 500 մեդր հեռաւորութեան վրայ, անմիջական զգուշացում կ'ուղարկուի SharkSmart app-ին: Նման աշխատածրագիրներ կան նաեւ այլ օրէնսդրութիւններու մէջ, ներառեալ SharkSmart WA app-ը:
Շանաձուկերու պահպանումը շատ կարեւոր է, պէտք է ուշադիր ըլլալ և ոչ տագնապալից և յարգանք ցոյց տալը ծովերու այս գիշատիչներուն կենսական է կ'ըսէ Dr Butcher, որովհետեւ շանաձուկեր անքակտելի մասն են ծովային բնահամակարգին:
«Շանաձուկեր մարդոց երեւակայութիւնը գրաւեցին աշխարհի տարածքին, յատկապէս, հազարաւոր տարիներ, առաջին ժողովուրդներու մարդոց հմայքը: Այս մշակութային հմայքը նպաստեց որ աւելնայ լաւատեղեակութիւնը և հետաքրքրութիւնը ծովային պահպանութեան հանդէպ – որ կարեւոր է:”

It is crucial to be prepared and know how to respond in case of a shark encounter in the water. Source: Moment RF / Khaichuin Sim/Getty Images
Ծովեզերքը ապահով մնալու կարեւոր խորհուրդներ
- Լողալ հսկուած ծովափ մը կարմիր և դեղին դրօշակներուն միջեւ
- Մշտապէս երեխաները հսկել, ջուրին մէջ և դուրսը
- Ջուրէն դուրս մնացէք երբ արիւնոտ վէրք ունիք
- Նախընտրելի է լողալ, սուզուիլ կամ surf ընել այլ մարդոց հետ
- Ոգելից ըմպելիներ և թմրանիւթեր չգործածել ջուրին մէջ
- Փրկարարներու Խորհուրդը հարցուցէք
- Խուսափիլ շրջաններէ ուր կան նշաններ կեր ձուկերու կամ ձուկով սնուելու գործունէութիւն; սուզուող ծովափնեայ թռչուններ լաւ ցուցանիշ են ձուկի գործունէութեան
- Դլփիններ չեն նշանակեր որ շանաձուկեր չկան, յաճախ երկուքը միասին նոյն ուտելիքով կը սնուցանուին և յայտնի է որ շանաձուկեր դլփիններ կ'ուտեն
- Նկատի առէք անձնական կանխարգելիչ օգտագործել
- Իմացէք ձեր կարողութեան սահմանները և պայմանները
- Կապ հաստատեցէք տեղական Surf Life Saving club ակումբին հետ կամաւոր դառնալու համար
- Այցելել BeachSafe.org.au կամ ներբեռնել Beachsafe app աւելին իմանալու համար