Ձայնի Հանրաքուէ. Ինչ՞ է և ինչու՞ Աւստրալիա հանրաքուէ կը կատարէ

CANBERRA RECONCILIATION WEEK STOCK

(AAP Image/Lukas Coch) NO ARCHIVING Source: AAP / LUKAS COCH/AAPIMAGE

Աւստրալիացիներ այս տարուայ վերջաւորութեան պիտի քուէարկեն Բնիկներու Ձայն Խորհրդարանին մէջ հանրաքուէին: Սոյն յօդուածով կը ներկայացնենք տեղեկութիւններ հանրաքուէի գործընթացի մասին, ներառեալ թէ ինչու՞ տեղի կ'ունենայ, և տեղեկութիւն որ պիտի օգնէ մարդոց որ գիտակից որոշում կայացնեն հանրաքուէի ժամանակ:


Քուէարկողներէն շուտով պիտի պահանջուի որ որոշում կայացնեն եթէ Աւստրալիական Սահմանադրութիւնը պէտք է թարմացուի ճանչնալու համար Բնիկ ժողովուրդները ներկայացուցչական մարմնի մը միջոցով որ կը ճանչցուի որպէս Բնիկներու Ձայն Խորհրդարանին մէջ:

Ձայնը, ընտրուած խումբ մը պիտի ըլլայ խորհուրդ տալու համար կառավարութեան, հարցերու և օրէնքներու շուրջ, որոնք կը վերաբերին Աւստրալիոյ Բնիկ ժողովուրդներուն:

Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի խօսնակ Էվըն Էքին-Սմայթ կը բացատրէ հանրաքուէի մը կարեւորութիւնը այս գործընթացին մէջ:

“Հանրաքուէ մը ազգային քուէարկութիւն մըն է որոշակի հարցի մը շուրջ փոխելու կամ ոչ Աւստրալիոյ Սահմանադրութիւնը,” կ'ըսէ ան:
Սահմանադրութիւնը փոխելու միակ միջոցը ժողովուրդի քուէարկութեամբ կ'ըլլայ: Խորհրդարանը իրաւունք չ'ունի փոխելու սահմանադրութիւնը:
Էվըն Էքին-Սմայթ
Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ թէ ինչպէս կը գործէ դաշնային կառավարութիւնը: Հիմը կը հաստատէ որով դաշնային, նահանգային և մարդիկ իրար հետ կը յարաբերին, ներառեալ ինչ օրէնքներ կրնան ընդունիլ նահանգային և դաշնային խորհրդարանները:

Մարդոց հարց պիտի տան որ քուէարկեն “Այո” կամ “Ոչ” յետեւեալ հարցումին.

“Առաջարկուած Օրէնք մը. փոխելու համար Սահմանադրութիւնը ճանչնալու համար Աւստրալիոյ Առաջին Ժողովուրդները հաստատելով Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու Ձայնը:

Հաւանութիւն կ'ուտաք՞ առաջարկուած փոփոխութեան:”
YES 23 VOICE CAMPAIGN SYDNEY
A supporter is seen with the Aboriginal flag painted on her face in support of the vote hold placards during a Yes 23 community event in support of an Indigenous Voice to Parliament, in Sydney, Sunday, July 2, 2023. (AAP Image/Bianca De Marchi) NO ARCHIVING Source: AAP / BIANCA DE MARCHI/AAPIMAGE
Որպէսզի հանրաքուէ մը յաջողի, կրկնակի մեծամասնութեան մը հաւանութիւնը պէտք է ստանայ:

“Որպէսզի հանրաքուէ մը յաջողի, մեծամասնութեան “Այո” քուէարկութիւններ պէտք է ապահովէ նահանգներու մեծամասնութեան մէջ: Ուրեմն, Աւստրալիական վեց նահանգներէն նուազագոյնը չորսը “Այո” պէտք է քուէարկեն, կը բացատրէ Պարոն Էվըն Էքին-Սմայթ:

“Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի (ACT) և Հիւսիսային Հողամասի (NT) բնակիչներ կը քուէարկեն որեւէ այլ աւստրալիական քաղաքացիի նման և ‘այո’ կամ ‘ոչ’ կը նշեն քուէաթերթիկին վրայ և անոնց քուէարկութիւնը կը հաշուուի ազգային մեծամասնութեան հաշիւին մէջ բայց ոչ դէպի երկրորդ արգելքը որ հանրաքուէ մը պէտք է անցնի: Ուրեմն, հողամասի քուէները տակաւին շատ կարեւոր են ազգային մեծամասնութեան ընդհանուր հաշիւին մէջ:” 

Առաջարկուած Ձայնը Խորհրդարանին մէջ, սեռային- հաւասարակշռուած բնիկներու ներկայացուցիչներու մարմին մը պիտի ըլլայ, ընտրուած Բնիկներու համայնքներուն կողմէ, ներկայացնելու համար զիրենք խորհուրդ տալով Խորհրդարանին երբ իրենց վերաբերող օրէնքներ կը պատրաստեն:
Ձայնը իրաւունք պիտի չ'ունենայ օրէնքներ ընդունելու, չեղարկելու որոշումներ կամ դրամագլուխ յատկացնելու: Խորհրդարանը պիտի շարունակէ գործել բնականոն կերպով:

Փրոֆէսօր Մէկըն Տէյվիս, Քոպըլ Քոպըլ կին մըն է և ղեկավարը NSW համալսարանի Սահմանադրական Օրէնքին: Ան մաս կը կազմէր Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզիներու ժողովուրդներու Սահմանադրութեան մէջ Ճանաչումի Մասնագէտներու Յանձնախումբին, որ առաջարկը դրաւ Ձայնին:

Ան յայտնեց որ այլ երկիրներ յաջողութեամբ իրագործած են նման տարբերակներ:

“Այս շատ սովորական բարեփոխութիւն մըն է որ կը կատարուի ժողովրդավարական դրութիւններու մէջ, աշխարհի տարածքին, ապահովելու համար որ բնիկներու ձայները խորհրդարաններու մէջ լսելի են երբ կառավարութիւններ օրէնքներ և քաղաքականութիւններ կը մշակեն իրենց վերաբերեալ,” կ'ըսէ ան:
Պատճառներէն մէկը որ հնարաւոր չէ եղած Աւստրալիոյ մէջ անբարենպաստ պայմաններու բացը փակել այն է որ կառավարութիւններ շատ հազուադէպ կը խորհրդակցին համայնքներու հետ երբ օրէնքներ և քաղաքականութիւններ կը կազմեն անոնց մասին:
Փրոֆէսօր Մէկըն Տէյվիս
Աւստրալիոյ բնիկները տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունին, և որոշ մարդիկ, ներառեալ հանրածանօթ բնիկ քաղաքական դէմքեր, համաձայն չեն առաջարկուած Ձայնի մը:

Հիւսիսային Հողամասի Liberal Ծերակուտական Ճասինթա Բրայս և նախկին Labor ղեկավար Ուօրըն Մանտին մաս կը կազմեն Ոչ արշաւին: Անոնք կը պնդեն որ Ձայն մը Խորհրդարանին մէջ քիչ բան պիտի ընէ լուծելու համար բնիկներու անբարենպաստ պայմանները: 

Մինչ հանրաքուէի թուականը կը մօտենայ, ‘Այո’ և ‘Ոչ’ քարոզարշաւները տարբեր փաստեր պիտի ներկայացնեն Ձայնի թեր և դէմ, և գրքոյկներ պիտի ուղարկուին տուներ երկրի տարածքին:
JACINTA PRICE VOICE PRESSER
Country Liberal Party Senator Jacinta Nampijinpa Price walks with a young Indigenous woman wearing an Australian flag ahead of a press conference at Parliament House in Canberra, Wednesday, March 22, 2023. (AAP Image/Lukas Coch) NO ARCHIVING Source: AAP / LUKAS COCH/AAPIMAGE
Պարոն Էվըն Էքին-Սմայթ կ'ըսէ որ Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը տեղեկութեան արշաւ մը պիտի սկսի տեղեակ պահելու համար 17 միլիոնէ աւելի աւստրալիացի արձանագրուած քուէարկողները: 

“Հազարաւոր ընտրական տեղամասեր պիտի ունենանք երկրի տարածքին հանրաքուէի օրը:” 

“Պիտի բացուին նաեւ կանուխէն քուէարկելու կեդրոններ քուէարկութեան թուականէն մի քանի շաբաթ առաջ, եթէ չէք կրնար քուէարկութեան օրը քուէարկել, անձնապէս կրնաք քուէարկել կանուխէն քուէարկութեան կեդրոնի մը մէջ: Պիտի դիւրացնենք արտասահմանի քուէարկութիւնը, հեռաւոր շարժուն քուէարկութիւնը, հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ փոստային քուէարկութիւնը, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով քուէարկութիւնը մարդոց համար որոնք կոյր են:”

Փէթ Քալլանան Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ մըն է: Ան կը բացատրէ տարբեր հնարաւորութիւնները որ մատչելի պիտի ըլլան քուէարկողներուն: 

"Տեղեկութիւններ պիտի թարգմանենք 30-է աւելի լեզուներով, որոնք մատչելի պիտի ըլլան մեր կայքէն և նաեւ հեռաձայնով թարգմանական ծառայութիւններ պիտի տրամադրուին:" 

Ան կը բացատրէ որ եթէ մարդիկ արձանագրուած են քուէարկելու համար ընտրութիւններուն, անոնք իրաւունք ունին նաեւ քուէարկելու հանրաքուէին: 

Ուրեմն, ինչպէս ընտրութեան ժամանակ, քուէարկութիւնը պարտադիր է նաեւ հանրաքուէի ժամանակ: 

“Պէտք է աւստրալիացի քաղաքացի ըլլաք, սակայն մենք կը քաջալերենք մարդիկ որ եթէ տեղափոխուած են կամ եթէ վստահ չեն որ իրենց ցուցակագրումը թարմացուած է, իրենց արձանագրութեան տուեալները քննեն aec.gov.au կայքէն և ապահովեն որ բոլոր տուեալները թարմացուած են:” 

Պարոն Էվըն Էքին-Սմայթ կը հաւատայ որ կարեւոր է որ մարդիկ մասնակցին բանավէճին և իրենց հետազօտութիւնը կատարեն քուէարկելէ առաջ: 

“Իսկապէս մտածեցէք նիւթի մասին: Այս է որ կը տարբերի հանրաքուէի մը ընթացքին: Դուք չէք մտածեր թեկնածուներու մասին որոնց կ'ուզէք ընտրել, դուք կը մտածէք հարցի մասին,” կ'ըսէ ան
Զգուշութեամբ ձեր հետազօտութիւնը կատարեցէք, մտածեցէք եթէ կ'ուզէք ‘այո’ կամ ‘ոչ’ քուէարկել և ապահովեցէք որ քուէարկութեան կ'երթաք տեղեկացուած:
Էվըն Էքին-Սմայթ
Էական է նաեւ նշելը որ արդիւնքը պարտադիր է: Պարոն Քալլանան կը բացատրէ: 

“Իսկապէս կարեւոր է ձեր կարծիքը արտայայտելը, ինչ ձեւով ալ որ քուէարկէք: Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը չի հետաքրքրուիր թէ մարդիկ ինչպէս կը քուէարկեն, այլ հետաքրքրուած են որ մարդիկ քուէարկեն, և իսկապէս յատուկ բան մըն է ձեր ձայնը լսելի դարձնել այդ հարցի շուրջ: Մենք կը քաջալերենք որ մարդիկ լրջութեամբ ընդունին:”
Տեղեկացուած մնացէք SBS-ի հարթակներէն 2023 թուականի Խորհրդարանին մէջ Բնիկներու Ձայնի հանրաքուէի հարցով, ներառեալ Բնիկներու տեսակէտներէն NITV-ի միջոցով: Այցելել SBS Voice Referendum portal  յօդուածներու, տեսաերիզներու և ներբեռնելի ռատիօ ծրագիրներու համար 60-է աւելի լեզուներով, կամ ներբեռնել վերջին լուրերը և վերլուծութիւնները և վաւերագրական ֆիլմերը յետեւեալ կայքէն Voice Referendum hub on SBS On Demand:

Share
Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand